In an Armenian densely populated Beirut suburb, Bourj Hammoud, it used to operate “The Popular House of Bourj Hammoud” which was governed by a committee who used to provide the theater to the population for different goals and events.

Nearly 50 years ago, at May 1964, the committee of the House of Bourj Hammoud decided to assign the task of the modernization and the gracing with full equipments of the theater to the “Kaspar Ipekian” troupe, which had already asked about this because it faced many difficulties regarding the presentations of its plays when it referred to foreign theaters to present its plays someplace else. The members of the troupe had always dreamt to have their own theater, in the embrace of their own people, so that many Armenians could watch their plays and through culture to evolve more and to be accepted in the Armenian collective life as native Armenians. So the “Kaspar Ipekian” troupe became the leading force to create the enjoyable Armenian cultural center, the theater.

It was essential to create a foundation for this important project, in which the population would participate with all its levels and organizations by uniting all’s capabilities. The House committee and the “Kaspar Ipekian” troupe were the first to work in this direction by providing venerable amounts, each in its limits of capabilities, to which later would be added other amounts to replenish the important earmarked expenses of the theater’s construction.

So that all these expenses would be organized in a smooth and accurate way, immediately it was created a construction committee which would organize and follow the construction of the theater, to surmount with success this mission. At August 1965, the construction committee begins its work.

In parallel of the construction committee’s works, the “Kaspar Ipekian” troupe called to life all of its capabilities and speeded up the support of this foundation. First, it referred to the “Kalousd Gulbenkian” foundation and secured a venerable amount. Then it organized fund raisings, referred to close patriots and friends securing tidy amounts too.

To secure the follow-up of the fund raisings and construction smoothly, immediately the municipality of Bourj Hammoud and the Cultural Association “Hamazkayin” hurry to provide some generous amounts, which would become more leading forces to the success of this difficult project.

The construction work of a tie so dreamt theater was going in a difficult and slow way not because of financial crisis only, but because the meticulous followers of the construction wanted to do the project perfectly so that afterwards we would have a modern and adequate theater.

Therefore one of Beirut’s patriots, Mr. Hagop Der Melkonian makes a huge donation which becomes the greatest of all donations made so far and which makes the dream of each Armenian possible, the opening of a modern Armenian theater.

So with the united efforts, work and donations of the Armenian people, the impossible became reality; we had what we didn’t have so far thinking that it was just a dream. But with the Armenian will, the peculiar persistence and untiring work we had our own theater.

Being grateful to all the donations made to the construction of the theater and by expressing its maximum emotions to the biggest donor, the committee decided to name the theater by his name.

“On February 17 1969 occurred the formal opening ceremony of the “Hagop Der Melkonian Theater” in the presence of hundreds of invited. The patriot benefactor Hagop Der Melkonian cut the traditional rope at the entry of the theater and the invited entered into the theater to admire the beauty that was spread in front of their eyes.” So, the Hagop Der Melkonian theater was ready, the theater of all Lebanese Armenians, where for many years would be presented high-graded arts events. It was decided from the very beginning and till today it is meticulously pursued that the theater’s prestige remains sublime. So from the first years accumulated till today, they witness that the Hagop Der Melkonian theater, the former Popular House, became and continues to stay the true cultural house of each Armenian, where its emits Armenian atmosphere, high quality culture and immediate genuine.

From the beginning, the committees of the theater that organized and followed the work of the theater were always open to local, Lebanese arts events, to secure an international prestige to our theater and to transform it in terms of the Lebanese land to a sought theater.

The Hagop Der Melkonian Theater didn’t even enjoy the prosperous and peaceful years of Lebanon for ten years; there came the Lebanese civil war at 1975 which lasted for more than 15 years by creating a difficult and unsecure living situation. But even in these circumstances, the Hagop Der Melkonian Theater continued to operate unobstructed and even became a more important and safe environment for all Armenians, by continuing to raise the flag of culture and becoming the beloved place of Lebanese Armenians.

During the past years, the theater’s committees have always been zealous to keep the theater, with all its parts, in a great form and to do all needed repairs, which gave the opportunity to list the theater among the best theaters in Lebanon and to fulfill its mission for the Lebanese Armenians.

The Lebanese postwar era came to prove that there was prosperity, development and progress in the country. The country developed with construction, and new up-to-date theaters were created in different areas. Therefore, the Hagop Der Melkonian Theater’s committees could not stay doing nothing and dispose the proper and needed, so that the theater would be at the level of the newly created theaters, and to serve the best to our people in the newly created life style and conditions.

So in the last years, the theater’s committee started undertaking to the theater’s basic repair and appliance to the new conditions.

We believe that as from the beginning the Hagop Der Melkonian Theater was the cultural house of Lebanese Armenians, will continue to stay loyal to its mission, by transmuting all levels of our beloved arts’ artists gathering place into a more warm and beloved place, which itself would become an inspiration to the new generation by encouraging them to stick to the Armenian culture and through that path to serve our people, which would also foster the maintenance of the Armenian trait, the perseverance of a healthy colony and the fulfillment of Armenian visions.

Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանին մէջ կը գործէր “Պուրճ Համուտի Ժողովրդային Տուն”-ը, որպէս մէկ ամբողջական շէնք ունէր իր վարչութիւնը, որ կը ղեկավարէր շէնքին գործունէութիւնը, տրամադրելով զայն ժողովուրդին տարբեր նպատակներու եւ ձեռնարկներու համար:

Մօտաւորապէս յիսուն տարիներ առաջ, 1964 Մայիսին, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային Տան վարչութիւնը կ’որոշէ, որ թատերասրահի արդիականացման եւ ամբողջական սարքաւորումներով օժտման ծանր գործը վստահի “Գասփար Իփէկեան” թատերախումբին, որ այս առումով արդէն դիմում կատարած էր, որովհետեւ թատերական իր ներկայացումներուն գծով կը դիմագրաւէր բազմաթիւ դժուարութիւններ, երբ թափառական կը դիմէր օտար թատերասրահներու մէջ կատարելու զանոնք: Թատերախումբի անդամները միշտ ալ երազած էին ունենալ իրենց անձնական թատերասրահը, իրենց հարազատ ժողովուրդի գիրկը, որ առաւելագոյն չափով հայորդիներ կարենային տեսնել ներկայացումները, հաղորդուիլ անոնցմով, գոտեպնդուիլ եւ մշակոյթի ճամբով քիչ մը աւելի զարգանալ, հայանալ եւ ընկալուիլ մեր հաւաքական ամբողջական կեանքին մէջ որպէս հարազատ հայորդի: Այսպէս, “Գասփար Իփէկեան” թատերախումբը դարձաւ մղիչ ուժը ստեղծելու թատերական մշակոյթը վայելելու հայկական կեդրոնի մը ստեղծման դժուարին գործին:

Նման կարեւոր ծրագրի մը համար, անհրաժեշտ էր ստեղծել հիմնադրամ, որուն պիտի մասնակցէր հայ ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով եւ կազմակերպութիւններով, մէկտեղելով բոլորին կարողութիւններն ու կարելիութիւնները: Այս ուղղութեամբ առաջին քայլը առնողները կ’ըլլան ժողովրդային տան վարչութիւնը եւ “Գասփար Իփէկեան” թատերախումբը, իւրաքանչիւրը յատկացնելով իր կարողութեան սահմաններուն չափով պատկառելի գումարներ, որոնց վրայ պիտի գային աւելնալու ուրիշները յաջորդաբար, համալրելու համար թատերասրահին շինութեան նախատեսուած անհրաժեշտ ծախսերը:

Որպէսզի այս բոլոր ծախսերը հեզասահ եւ ճշգրիտ ձեւով կազմակերպուէին, անմիջապէս կը ստեղծուի Շինութեան Յանձնախումբ, որ պիտի կազմակերպէր եւ հետեւէր սրահին շինութեան պատասխանատու գործին, յաջողութեամբ պսակելու համար սկսած ժողովրդանուէր անհրաժեշտ այս առաքելութիւնը: 1965 Օգոստոս ամսուն, յանձնախումբը կը սկսի իր աշխատանքներուն:

Զուգահեռ Շինութեան Յանձնախումբին աշխատանքներուն, “Գասփար Իփէկեան” թատերախումբը իր բոլոր կարելիութիւնները կեանքի կոչելով առաւել եւս արագացուց հիմնադրամին օժանդակելու բարերար աշխատանքները: Առաջին հերթին դիմեց Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան եւ ապահովեց պատկառելի գումար մը: Ապա կազմակերպեց հանգանակութիւններ, դիմեց մօտիկ ազգայիններու եւ բարեկամներու ապահովելով կոկիկ գումարներ եւս:

Դրամահաւաքի եւ շինութեան գործին հեզասահ ընթացքով շարունակականութիւնը ապահովելու իմաստով, անմիջապէս Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը եւ Համազգայինի Մշակութային Ընկերութիւնը կը փութան տրամադրելու բաւական մեծկակ գումարներ, որ պիտի հանդիսանային առաւել մղիչ ուժ սկսուած դժուարին գործին յաջողութեանը:

Այնքան երազուած թատերասրահի մը շինութեան աշխատանքները կ’ընդանային դժուար եւ դանդաղ, ոչ թէ միայն նիւթական տագնապի պատճառով, այլ որովհետեւ շինութեան հետեւող եւ հսկող բծախնդիր հայորդիները կ’ուզէին ամէն ինչ լաւագոյն ձեւով կատարել, որ հետագային ունենայինք յարմարաւէտ եւ արդիական թատերասրահ մը:

Ահաւասիկ, արդէն չուշանար Պէյրութի ազգայիններէն Պրն Յակոբ Տէր Մելքոնեանի կատարած նուիրատուութիւնը, որ հանդիսացաւ մեծագոյնը միւս բոլոր եղածներուն կողքին, եւ հնարաւոր դարձուց իւրաքանչիւր հայու շատոնց փայփայած երազին՝ հայկական արդիական թատերասրահի մը բացումը:

Արդարեւ, հայ ժողովուրդի զաւակներուն միասնական ջանքերով, աշխատանքներով եւ նուիրատուութիւններով կ’իրականանար անկարելին, կ’ունենայինք մեր երազածը, որ չունէինք՝ կարծելով որ լոկ ան կը մնար երազ: Սակայն հայու կամքի պրկումով, աննահանջ հարատեւութեամբ եւ անդուլ աշխատանքներով կ’ունենայինք մեր անձնական թատերասրահը:

Բոլոր եղած նուիրատուութիւններուն հանդէպ երախտագէտ ըլլալով, ժողովրդային տան վարչութիւնը իր առաւելագոյն զգացումները արտայայտելով մեծագոյն նուիրատուութիւնը կատարող ազգայինին հանդէպ, կ’որոշէ թատերասրահը կոչել վերջինիս անունով:

“1969 Փետրուար 17-ին տեղի ունեցաւ “Յակոբ Տէր Մելքոնեան Թատերասրահ”ի պաշտօնական բացումը, հարիւրաւոր հրաւիլեալներու ներկայութեամբ: Ազգային բարերար Յակոբ Տէր Մելքոնեան կտրեց սրահի մուտքին պարզուած աւանդական ժապաւէնը եւ հրաւիլեալները մտան սրահ՝ առաջին իսկ ակնարկով հիանալու համար այն գեղեցկութեան, որ կը պարզուէր իրենց աչքերուն առջեւ:” Այսպէս, արդէն պատրաստ էր Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահը, ամբողջ լիբանանահայութեան սրահը, ուր երկար տարիներու վրայ պիտի ներկայացուէին բարձրորակ գեղարուեստական ձեռնարկները: Առաջին օրէն կ’որոշուի եւ անխադար մինչեւ օրս բծախնդրութեամբ կը հետապնդուի, որ թատերասրահի վարկը մնայ միշտ բարձր: Այսպէս, առաջին տարիներէն մինչեւ օրս գումարած, կը վկայեն որ Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահը՝ նախկին ժողովրդային տունը, դարձաւ եւ կը շարունակէ մնալ իսկական մշակութային տունը իւրաքանչիւր հայու, ուր կը բուրէ հայկականութիւն, բարձր որակի մշակոյթ եւ անմիջական հարազատութիւն:

Սկիզբէն, թատերասրահի գործերը կազմակերպող եւ հետապնդող վարչութիւնները եղան հետամուտ բացուելու տեղական՝ լիբանանեան գեղարուեստական ձեռնարկներու, մեր թատերասրահին համար ապահովելու միջազգային վարկ, եւ զայն դարձնելու լիբանանեան առումով փնտռուած թատերասրահ:

Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահը տակաւին տասնամեակ մը չվայելած Լիբանանի խաղաղ եւ բարգավաճ տարիները, վրայ կը հասնի 1975-ին ծայր առած լիբաբանեան քաղաքացիական պատերազմը, որ պիտի տեւէր տասնամեակէ մը աւելի, ստեղծելով ապրուստի դժուարին եւ անապահով կացութիւն մը: Սակայն, նոյնիսկ այս դժուարին պայմաններուն մէջ, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահը շարունակեց գործել անխափան եւ նոյնիսկ դարձաւ աւելի կարեւոր եւ ապահով վայր մը բոլոր հայութեան համար, շարունակելով միշտ բարձր պահել մշակոյթի դրոշը, դառնալով համայն լիբանանահայութեան համախմբման սիրելի վայրը:

Անցնող տարիներուն թատերասրահի վարչութիւնները միշտ ալ հետամուտ եղած են լաւագոյն վիճակի մէջ պահել թատերասրահը իր բոլոր մասերով, եւ կատարել պէտք եղած նորոգութիւնները, ինչ որ առիթ ընծայեց որ ան դասուի երկրի լաւագոյն սրահներու կարգին, եւ առաւելագոյնս արդարացնէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը հանդէպ լիբանանահայութեան:

Լիբանանի յետպատերազմեան ժամանակաշրջանը եկաւ ապացուցելու, որ երկրին մէջ կայ դէպի առջեւ յառաջդիմութիւն, բարգաւաճում եւ զարգացում: Երկիրը զարգացաւ շինութեամբ, ինչ որ իրենց կարգին ստեղծուեցան նորանոր արդիական թատերասրահներ տարբեր շրջաններու մէջ: Հետեւաբար, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահի վարչութիւններն ալ չէին կրնար ձեռնածալ մնալ եւ պէտքն ու պատշաճը չտնօրինել, որ Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահը ետ չմնայ արդիական միւս սրահներէն, եւ պատշաճի լաւագոյնս ծառայել մեր ժողովուրդին, ստեղծուած նորանոր ապրելակերպին եւ արդիական պայմաններուն մէջ:

Արդարեւ վերջին տարիներուն, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահի վարչութիւնը ձեռնարկած է սրահին հիմնական բարեզարդման, նորոգութեան, արդիականացման եւ ներկայ պայմաններուն պատշաճեցման:

Կը հաւատանք, որ ինչպէս սկիզբէն, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահը եղած է լիբանանահայութեան մշակութային տունը, պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր առաքելութեանը, առաւել եւս վերածելով մեր սիրելի արուեստի բոլոր բնագաւառներէն եկող մեր արուեստագէտներուն ժամադրավայրը, որ ինքնին պիտի դառնայ ներշնջարան մը արուեստի հակում ունեցող նորածաղկ սերունդին, քաջալերելով զանոնք կապուելու հայ մշակոյթին եւ ծառայելու մեր ժողովուրդին այդ ճամբով, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ հայկական դիմագիծի պահպանման, հայատրոփ՝ առողջ գաղութի հարատեւման, եւ հայադրոշմ տեսլականներու իրագործման: